Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հանդիպում մը ունեցաւ այսօր, Եւրոպական Միութեան, Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Վրաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, տիկին Սալոմէ Սամատաշվիլիի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ հասարակական կազմակերպութեանց կապերու եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան։
Վրաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը նպատակ ունէր վրաց իշխանութիւնները տեղեակ պահել Սամցխէ - Ջաւախէթի հասարակական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի եւ Ա-ինֆօ լրատուական գործակալութեան նախագահ՝ Արտակ Գաբրիէլեանի Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական հաստատութիւններ այցելութեան, անոր ունեցած հանդիպումներուն եւ ներկայացուցած թղթապանակին շուրջ, որմէ եւ օրինակ մը յանձնուեցաւ դեսպանին։ Ան խոստացաւ թղթապանակը փոխանցել Թիֆլիս՝ իշխանութիւններուն։
Գրասենեակը դեսպան Սամատաշվիլիի նաեւ տեղեկացուց, թէ գալիք օրերուն պատուիրակութեամբ մը պիտի այցելէ Թիֆլիս, հանդիպումներ ունենալու համար Վրաստանի մէջ Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան հետ։ Այցելութեան նպատակն է հետեւիլ եւ շարունակել Պրիւքսելի մէջ եղած հանդիպումներու շարքը՝ լուծումներ գտնելու համար ջաւախահայոց դիմագրաւած հիմնահարցերուն։ Դեսպանին նաեւ տեղեակ պահուեցաւ Գրասենեակի Վրաստան կատարելիք ապագայի այցելութեանց շուրջ, եւ վրաց իշխանութեանց հետ հանդիպելու մտադրութեան։
Վրացուհի դիւանագէտը բարձր գնահատեց Գրասենեակին տեղեկատուական այս այցելութիւնը, խոստացաւ ապագային միջնորդել վրաց իշխանութեանց մօտ հաւանական հանդիպումներ եւ այցելութիւններ ունենալու մէջ։
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ